ԱՅԳԱԼՈՅՍՈՂ ԿԵՆԴԱՆԱՐԱՐ ԽՕՍՔԸ
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ Է
1. Քու Խօսքիդ համար Պիտի Նետենք
Ուռկանները:
2. Աստուածայայտնութեան Երեւոյթը
Գերբնականին Երեւումը:
3. Աստուած Այցելութեան Եկած է Իր
Ժողովուրդին Բարութեամբ:
4. "Ով Է Արդեօք Ասիկայ":
5. Բանին Զօրութիւնը
THE THOROUGHLY VIVACIOUS WORDS OF
JESUS CHRIST
ԱԼՊԷՌ ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆ
ՀԱՅ-ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ
2003
ՔՈՒ ԽՕՍՔԻԴ ՀԱՄԱՐ
ՊԻՏԻ ՆԵՏԵՆՔ ՈՒՌԿԱՆՆԵՐԸ
Ղուկ. Ե.5:
Յիսուսի խօսքին մէջ կայ զօրութիւն, ուժ, ազդեցութիւն և ներգործութիւն: Մարդկային կեանքը կ՛արտայայտուի խորհուրդով, խօսքով և գործքով: Ասոնց առնչութիւնը շատ սերտ է: խօսքն ու գործը խորհուրդէն կը ծնին: Խորհուրդը կը կանխէ խօսքն ու գործքը, ամէն արարք գործ ըլլալէ առաջ խօսք է, և խօսքով արտայայտուելէ առաջ խորհուրդ է: Խորհուրդն է մարդուն բուն էութիւնը: Բարի խորհուրդին ակնաղբիւրը Աստուած է՚ «Մի է Բարին որ է Աստուած», բարութեան Կատարելութիւնը:
Գործը խորհուրդին պսակն է: Առանց գործքի կնիքին՚ խորհուրդն ու խօսքը անպտուղ կը մնան: Գործքը իրագործուած խորհուրդն է, տեսանելի մտածումը: Կեանքը խորհիլ, խօսիլ և գործել է: խօսքի պատճառով է որ մարդ կը կոչուի բանաւոր արարած: «Աստուծոյ Խօսքը լսելի եղաւ Զաքարիայի որդի Յովհաննէսին, անապատի մէջ»--Ղուկ. Գ.2: Հրեայ՚ Աղեքսանդրիացի Ֆայլո-ի համար, "խօսք"ը Լոկոս ոչ թէ Աստուաՙծ էր, այլ՚ Անկէ անջատ ինքնութիւն էր և ստեղծագործող զօրութիւն:
Յուլիոս կայսրին ուղղարկաց խօսքը խորհրդարանին. «Եկայ, տեսայ, յաղթեցի» էր: Իսկ Յիսուս Քրիստոսի խօսքը եղաւ. «Եկայ, սիրեցի, զոհուեցայ»:
խօսքը լեզուի հասարարական գործառնութիւններու մտածողութեան ու մտքերու հաղորդակցութեան միջոցներու իրականացումը ևդրսեւորումն է: Նախա-Քրիստոս 5րդ դարուն. "խօսք" բառը, Յունարէն "Լոկոս", Եփեսացի Հերագլիթիսի միջոցաւ իմաստասիրական գործածութեան դրուեցաւ բացատրելու համար տիեզերական սկզբունքը: Յիսուս Քրիստոս՚ Իր Յարութեամբ ապացուց թէ վերջին յաղթականը մահը չէ, այլ՚ Իր խօՙսքն է: Յիսուս անմարմին խօսքը մարմնի շրջելով անշօշափելին տեսանելի ու շօշափելի դարձուց Իր սիրոՙվ, հրաշքներով, և ի վերջոյ Իր մարմնակաՙն Յարութեամբ:
Աստուածաբաններ կը հետաքրքրուին Աստուածաշունչի գրականութեան վերաբերեալ հարցերով և հեղինակներով, ոչ Աւետարանին պատգամովը: Յիսուս Ինքզինք կը կոչէ "Աստուծոյ Խօսք"ը, "Բանն Աստուծոյ", ոչ թէ գրութիւն մը, այլ իմաստա- ւորող և ապրող Մեկնաբանութիւնը և Բացատրութիւնը Աստուծոյ: Ոչ թէ ո՞վ գրած է Ս. Գիրքը, այլ ո՞վ յայտնաբանած է զԱստուած: Յիսուս Քրիստոս ապրեցաւ որպէս կենդանիՙ Աստուածայայտ- նութիւն և հայելացումը սէր Աստուծոյ: Մոռնալու չենք որ Աստուած միայն մէկ Խօսք ունի, և այդ խօսքը գիրք մը չէ, այլ Յիսուս Քրիստոս Իր ապրումիՙն բացատրումով: Յիսուսի խօսքերը ծաղրուեցան, Անոր դիմագիծը ձաղկուեցաւ, Անունը ուրացուեցաւ, հետեւորդները հալածուեցան, բայց Անոր խօսքերը մնացին մշտահունչ և յաւերժաբարբառ: Խաչին վրայ Յիսուսի խօսքերէն առաջին երեքը ներումի և սիրոյ խօսքեր էին, յաջորդ երկուքը տագնապի և տառապանքի, վերջին երկուքը՚ գոհութեան և յաղթանակի:
Առաքեալներու համար անհրաժեշտ էր ունենալ Յիսուս Քրիստոսի Խօսքերը և գործերը որպէս վկայութիւն: Երբ եկաւ Սուրբ Հոգին, առաքեալները եղան համակ հաւատք, քաջութիւն, ճանաչում, խօսք (քարոզութիւն) և սէր: Քրիստոսի խօսքերը մեկնաբանուելու են ներկայ մտածումի: Մեկնաբանելու և բացատրելու դժուարութիւնը մեր տգիտութեան, ծուլութեան և նախապաշարումին հետեւանքներն են: Մարմնին ճրագը հոգեկան մտածումն է. երբ անձի մը մտային խորհրդածութիւնը առողջ է՚ ամբողջ մարմինը լուսաւոր կ՛ըլլայ, իսկ երբ հոգեկան տեսանելիութիւնը տկար է՚ (նախապաշարեալ), մարմինն ալ խաւար կ՛ըլլայ»: Բարոյական ոչ մէկ ախտանիշ չի կրնար համեմատուիլ այն ժխտական տարրին հետ, որ կը կոչուի նախապաշարում:
Անաստուածները աւելի փաստ և բացատրութիւն կը փնտռեն կամ կը հետապնդեն, քան թէ յայտնութիւն, ապացոյց և վկայութիւն: Ես գոհացուցիչ կերպով համոզուած եմ, թէ կաՙյ ապացոյց և վկայութիւն Աստուծոյ գոյութեան, սակայն սոյն հարցումին էութեան ու գոյացութեան համար գիտակաՙն փաստ մը չունիմ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Աստուած գիտական փաստարկութենէ գերազանց է՚ Transcendent:
Յովհաննու Աւետարանը ոչ թէ առաքելական վկայութիւն մըն է պատմագրական, այլ՚ պատմութենէն անդին, առաքելակաՙն գրաւակաՙն մը և ստուգութիւնը Յիսուս Քրիստոսի պատմութեան: Աւետարանը ոՙչ թէ կենսագրութիւնն է Յիսուս Քրիստոսի, այլ հաւատքի վկայութիւնն ու յայտարարութիւնը:
Քրիստոնեային կեանքը և վկայութիւնը աստուածակեդրոն է քրիստոսահայեաց ըմբռնումնով, ան կը խօսի ու կ՛ապրի աՙյն հաւատքով ու աՙյն Աստուծմով, որ յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ապրումով ու Սուրբ Հոգւոյն վկայութեամբ: Հինգ հոգի նոյն դաշնակին վրայ կը նուագեն սակայն միայն մէՙկ նուագողին երաժշտութիւնը կը յուզէ ներկաներուն սիրտը: Նոյնն է նաեւ քրիստոնեայի մը կեանքի վկայութիւնը: Քրիստոնեան տառապանքի առջեւ կենսուրախ ու վհատութեան փոխարէն կորովամիտ ըլլալու է իր կոչմանը մէջ: Յուսահատութիւնն ու վհատութիւնը զարկին մեր հոգւոյն դուռը, բայց մենք չբացինք ու մերժեցինք իրենց հրաւէրը:
Յունիս 19, 2001
Թորոնթօ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ
ԳԵՐԲՆԱԿԱՆԻՆ ԵՐԵՒՈՒՄԸ
Աստուած Իր յայտնութիւնը շնորհած է ոչ միայն Մովսէսի և Հին Կտակարանի մարգարէներուն, այլ համաշխարհի բոլոՙր կրօնաւոր առաջնորդներուն եւս: Ինչո՞ւ, որովհետեւ աշխարհի բոլոր կրօնները մարդ արարածը կ՛առաջնորդէին ոչ թէ անաստուածութեան, և ոչնչապաշտութեան, այլ դէպի գերբնական Արարիչ աստուծոյ մը: Միթէ կա՞յ մարդկային պատմութեան մէջ ընկերութիւն մը, որքան ալ անցեալին պատկանող, որ չհաւատայ աստուծոյ մը, և չերկրպագեր գերբնական Արարիչի մը, զանազան ձեւերով և ծեսերով, որքան ալ նախնական կարծենք զիրենք: Ուստի, ուրկէ՞ և ինչպէ՞ս և ե՞րբ մարդ արարած "Աստուած" բառը հնարած է ու գործածել սկսած:
Աստուած գոյ է իւրաքանչիւր մարդ էակին մէջ, որքան ալ այդ էակը հողաշէն ու հնադարեան եղած ըլլայ: Մարդ արարածը արարչագործութիւնն է Արարիՙչ Աստուծոյն: Ան, կոյր և անգիտակից բարեշրջութեան մը արդիւնքը չէՙ: Անաստուածութիւնն ու բարեշրջութեան տեսութիւնը, կոյր ու անգիտակից, եսակեդրուն և ամբարտաւան տիտղոսակիր մարդոց տեսութիւնն է, ու անոնց ռահվիրան Ֆրէտրիք Նիցչէ իմաստասէրն է 18-րդ դարուն:
Յիսուս Քրիստոս կռապաշտութեան դէմ չ՛արտայայտուեցաւ, բայց վայեր կարդաց Մովսէսի հպաՙրտ, տիտղոսաւոր և կեղծաւոՙր աշակերտներուն՚ Փարիսեցիներուն: Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորողները եղան նախ համեստ հովիւները, ու յետոյ Արեւելքէՙն եկող Մոքերը, որոնք Հրեաներու կողմէ, ճանչցուած էին որպէս "հեթանոս կռապաշտներ": Հին Կտակարանի աստուածաբան կարծուածներէն ոՙչ ոք ունեցաւ հետաքրքրութիւնը ընկերանալու և հետեւելու հեթանոս մոգերուն, տեսնելու ու երկրպագելու իրենց Մարդեղացեալ Մեսիան՚ Աստուած Որդին:
Ո՞ւր էին Հրեայ վարդապետները (Ռաբբի"ները, որոնք ուղղութիւն տուին հեթանոս մոգերուն, սակայն իրենք չեկան: Ո՞ւր էին Հին Կտակարանի մասնագէտները՚ Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները, որոնք տեսան Յիսուսի հրաշագործութիւնները և լսեցին աստուածաբարբառ քարոզներն ու սրտաբուխ առակները Յիսուս Վարդապետին, սակայն չխոնարհեցան:
Հին Կտակարանի հաւատացող Մովսէսի աշակերտներուն Յիսուս ըսաւ. Պէտք է ձեզի նորէՙն ծնանիլ, այսինքն երկինքէՙն ծնանիլ: Որովհետեւ
Ես եմ Ճշմարտութիւնը, Ճամբան և Կեանքը:
Որ կը նշանակէ. թողուլ հինցած Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէներու ազգայնամոլ հրահանքները ու հետեւիլ Աստուծոյ արքայութեան Աւետարանին: Յիսուս, Մարդեղեալ Ճշմարտութիւնը, Աւետարանի մէջբերումներուն մէջ կ՛ըսէ աշխարհի մարդոց. «Օրէնքն ու Մարգարէները մինչեւ Յովհաննէՙս (Մկրտիչ) գոյութիւն ունէին, անկէ յետոյ կը քարոզուի Աստուծոյ արքայութիւնը»--Ղուկ. ԺԶ.16:
Վերոյիշեալ Աւետարանի մէջբերումով, մեր Տէրը Յիսուս ըսել կ՛ուզէ թէ, նոր դարաշրջան մը բացուած է մարդոց առջեւ որ կը կոչուի "Աստուծոյ Թագաւորութեան Աւետարանը և Ինքը անոր ռահվիրայ քարոզիչ Մարգարէն է: Հին Կտակարանը գոյութիւն ունեցաւ մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչ:
Մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչի օրերը, մարդկութիւնը չկրցաւ ճանչնալ Աստուած Ճշմարիտը: Թէՙ հեթանոսներ և թէՙ Մովսէսի հետեւողները սխալ բացատրեցին զԱստուած: Հին Կտակարանը ներկայացուց զԱստուած որպէս "նախանձոտ և վրէժխնդիր": Այսինքն ազգայնամոլ և միայն Հրեաները սիրող Աստուած մը: Ու մինչեւ այսօր այդպէս կը հաւատայ Իսրայէլի ժողովուրդը ու նաեւ բազմաթիւ Քրիստոնեաներ ալ, որոնք Աւետարանները չեն սերտած: Մինչդեռ իրեՙնք (Հրեաները) դարձան խաչողները և սպաննողները իրենց Մեսիան՚ Յիսուս Քրիստոսը: Իսկ հեթանոսները ներկայացուցին զԱստուած որպէս իմաստասիրութեան տեսութիւն մը, կամ քարէ ու մետաղէ շինուած մարդակերպ կամ գազանակերպ անասուն:
Աստուած Ճշմարիտը ազգային իւրացում մը չէՙ որ Հրեայ ազգը առանձնաշնորհեալ սէպէ: Յիսուս Իՙնք կ՛ըսէ. «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ»--Յով. Գ.16: Ճշմարիտ աստուածճանաչումը Յիսուսի քարոզութեամբ և Անոր ապրումոՙվ յայտնուեցաւ համաՙյն աշխարհի: Ոչ Հին Կտակարանը կարդալով, ոչ հեթանոս իմաստասիրութիւնը ուսումնասիրելով, ու ոՙչ ալ իրենց զաւակները շինծու կուռքերու զոհագործելով: Մարդիկ ճանչցան Աստուած Ճշմարիտը Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղացումՙով և Անոՙր յայտնութեամբ:
Յիսուս Իՙնք, Իր հարազատ աղօթքին մէջ կ՛ըսէ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան Քեզ միակ Ճշմարիտ Աստուած, և ճանչնան Յիսուս Քրիստոսը, զոր Դուն ղրկեցիր»--Յով. ԺԷ.3:
Բոլոր նախա-Քրիստոս մարգարէները կ՛ըսէին. "Տէր Աստուած այսպէս ըսաւ": Յիսուս եղաւ Աստուծոյ Ճշմարիտ Պատգամաւորը որ սկսաւ ըսել. «Եՙս կ՛ըսեմ ձեզի»: Մեր Տէրը Յիսուս Իՙնքն էր ճշմարիտ Վկան որ ճշմարտապէս և իրաւաՙմբ ներկայացուց Աստուած Ճշմարիտը մարդ արարածներուն առանց ազգային զանազանութեան խտրութեան և ոչ ալ իմաստասիրական բառախաղութեամբ և ոՙչ ալ ոսկեգանդակ կուռքերով:
Երեք տարի, Յիսուս Իր աշակերտները դաստիարակելէ յետոյ կ՛ըսէ անոնց (Հրեայ աւանդապահներուն) որոնց համար Մովսէս և Եղիա մարգարէները գերագոյն աստուածայայտ դեսպաններն էին:
«Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը և Կեանքը:
Ոչ ոք Հօրը կու գայ, եթէ ոչ՚ Ինձմով: Եթէ
ճանչնայիք Զիս՚ պիտի ճանչնայիք նաեւ Հայրս»:
--Յով. ԺԴ.6:
Աշխարհի մէջ միակ ազգը, որ հպարտ էր իր մարգարէներով և կրօնական (Հին Կտակարանի) ծէսերով, Հրեայ ժողովուրդն էր: Յիսուս, ակնարկելով այս ազգին կ՛ըսէ. "Մի հպարտանաք որ դուք առանձնաշնորհեալ էք: Ձեր հաւատացածները մոռցէք, որովհետեւ «Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութւնը և Կեանքը»: Եՙս եմ որ իջայ երկինքէն, ձեր սորվածը և աւանդութիւնները, ճշմարտութիւններ չեն: Դուք պարտաւոր էք վերստին ծնիլ կրօնագիտական և հաւատագիտութեան մէջ որպէսզի ստանաք յաւիտենական կեանք: Վերոյիշեալ երկնաբարբառ Յիսուսի խօսքերը ակնարկուած են նաեւ մեզի Հայ ազգին հազարեօթհարիւրամեակի առթիւ:
Այսպիսի հզօր խօսքերուն չդիմացող ազգայնամոլ աշակերտներէն ոմանք բաժնուելով 12 աշակերտներէն, թողուցին Յիսուսը և հեռացան: Ազգայնամոլ և Հին Կտակարանը լաւ մը ուսումնասիրած վարդապետ Սօղոս, դարձաւ ոխերիմ թշնամին ու հալածողը Յիսուսի Եկեղեցիին: Սօղոս կարդալով հանդերձ Հին Կտակարանի Օրէնքն ու մարգարէները, չկրցաւ ճանչնալ Աստուած Ճշմարիտը, որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցով, իսկ շնորհն ու Ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցով եղան, կ՛ըսէ Յովհաննէս առաքեալ--Յով. Ա.17:
Յիսուս Քրիստոսի մարդկութեան բերած Աւետարանը՚ Բարի լուրը պէտք էր իբր առանցին, ինքնայատուկ գիրք մը հրատարակուէր, առանց միացնելու զայն Հին Կտակարանին: Այդպէսով, իւրաքանչիւրը պիտի ունենար իՙր որոշ արժէքը, յարգը և գնահատանքը: Մինչդեռ ներկայիս այնպէս կը կարծուի, թէ Յիսուսի Աւետարանը շարունակութիւնն է Հին Կտակարանին ու երկուքն ալ Աստուածաշունչ կամ Holy Bible կը կոչուին: Յիսուս Քրիստոս Հին Կտակարանին որեւէ հոմանիշ չտուաւ, այլ՚ զայն կոչեց "գիրքերը":
1. Յիսուս «գիրքը գոցելով՚ տուաւ պաշտօնեային ու նստաւ--Ղուկ. Դ.20:
2. Յիսուս ըսաւ. «Գրուածքներուն մէջ բնաւ չէ՞ք կարդացած--Մատթ. ԻԱ.42:
Նախ քան տպագիր հրատարակութիւնները, Ս. Գրային բոլոր գրութիւնները մագաղաթներու վրայ ձեռագրուած ինքնայատուկ գալարաձեւ ամբողջականութիւններ էին: Կարելի չէր բոլոր Հին Կտակարանը կամ բոլոր Նոր Կտակարանը մէկ ամփոփ ձեռագիր մագաղաթի վրայ ունենալ: Տպագրական մէքէնայի հնարումով, ձեռագիր գրութիւնները ամփոփուեցան ու մէջտեղ եկան որպէս մէՙկ գիրք: Անգլիոյ մէջ, երբ Ս. Գիրքը թարգմանուիլ սկսաւ, Ճոն Ուիքլիֆ (1320-1384)-ին թարգմանեց մի միայն Նոՙր Կտակարանը Լատիներէնէ Անգլերէնի:
Ուիլիամ Թինտէիլ յունարէն Նոր Կտակարանը (1526)-ին թարգմանեց Անգլերէնի, աքսորութեան մէջ, որովհետեւ Կաթոլիկ Անգլիոյ Եկեղեցին արգիլած էր ժողովուրդին, որ իրենց լեզուով Ս. Գիրքը չկարդացուի: Ու Եկեղեցին Ուիլիամ Թինտէիլը ցիցի կապեց ու զինք կրակի բոցերու մէջ ողջ-ողջ այրեց: Մինչ Հայոց թագաւորը Վրամշապուհ և Սահակ կաթողիկոս դիմաւորելու գացին Մեսրոպ Մաշտոցը, թարգմանած ըլլալուն համար Աստուածաշունչը Հայերէն լեզուի...:
Նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղացումէն առաջ Եսայի մարգարէն կը քննադատէ Մովսէսի կողմէ պատուիրուած արջառներու զոհագործութիւնը, ըսելով.
«Տէրը այսպէս կ՛ըսէ. «Ես ասոր պիտի նայիմ, այսինքն խոնարհին և կոտրած հոգի ունեցողին ու իմ խօսքէս դողացողին: Արջառ մորթողը մարդ մեռցնողի պէս է, Գառնուկ զոհողը շուն մորթողի պէս, նուէր մատուցանողը խոզի արիւն մատուցանողի պէս, Կնդրուկ ծխողը կուռք պաշտողի պէս, Իրաւցընէ անոնք իրենց ճամբաները փնտռեցին, Ու անոնց հոգիները իրենց գարշելիներէն կ՛ախորժին: Ես ալ անոնց թշուառութիւնները պիտի ընտրեմ, Եւ իրենց վախցած բաները իրենց վրայ պիտի բերեմ. Վասնզի կանչեցի ու պատասխան տուող չեղաւ, Խօսեցայ ու մտիկ չըրին, Հապա իմ առջեւս չարութիւն ըրին, Եւ իմ չհաւնածս ընտրեցին»--Եսայ. 66.2-4:
Հետեւեալ (ներշնչումի) դէպք իրողութիւն որ պատահեցաւ Պետրոսի և Յիսուսի միջեւ Փիլիպպեան Կեսարիոյ մէջ, կ՛արժէ աւելի մօտէն ուսումնասիրել: Յիսուս կը հարցնէ Իր աշակերտներուն ըսելով. «Իսկ դուք իմ մասիս ի՞նչ կ՛ըսէք, ո՞վ եմ ես»: Սիմոն Պետրոս պատասխանեց ու ըսաւ. «Դուն Քրիստոսն ես՚ կենդանի Աստուծոյ Որդին»: Յիսուս երանի կու տայ Պետրոսին ու անոր կը յանձնէ երկնքի բանալիները:
«Այնուհետեւ Յիսուս սկսաւ յստակօրէն յայտնել աշակերտներուն, թէ պէտք է որ Ինք Երուսաղէմ երթայ, շատ չարչարանքներ կրէ քահանայապետներէն, դպիրներէն, ժողովուրդի ծերերէն և սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ: Եւ Պետրոս մէկ կողմ տանելով Զայն՚ սկսաւ վիճիլ Անոր հետ ու ըսել. «Քաՙւ լիցի քեզ, Տէՙր, այդ բանը քեզի չի պատահիր»: Եւ Յիսուս դառնալով պետրոսին՚ ըսաւ. «Ետիՙս գնայ, Սատանաՙյ, դուն գայթակղութիւն ես Ինծի համար, որովհետեւ քու մտածումներդ Աստուծոյ մտածումները չեն, այլ՚ մարդոց»--Մատթ. ԺԶ.21-23:
Վերոյիշեալ ամփոփ ու խտացեալ դէպք իրողութեան մէջ կը տեսնուի մարդկային ներշնչումի տկարութիւնը: Մարդ արարած ստանալոՙվ յանդերձ աստուածային ներշնչում, կրնայ նաեւ զայն խառնակել, իր նախապաշարումին պատճառով ու շփոթիլ իր մտքին մէջ: Յիսուս, Պետրոսը «Երանի՜» կոչեց, ու նաեւ «Սատանայ»: Մենք պարտաւոր չեՙնք բոլոր մարգարէները անսխալական նկատել: Անսխալականն ու իրաՙւ Ճշմարիտը միայն Յիսուս Իՙնքն է Որդիՙն Աստուծոյ, մարդ արարածներուն համար, Ան ըսաւ.
«Ես եմ Ճշմարտութիւնը, Ճամբան ու Կեանքը»:
Յիսուս Քրիստոս գիրք մը, գրութիւն մը չէՙ, այլ կենդանիՙ և ապրոՙղ Անձնաւորութիւն մըն է: Մեր պաշտամունքը, հաւաՙտքը և ծառայութիւնը ըլլալու չէՙ անցողակի գաղաբարի մը կամ յարաբերական տեսութիւններու արդիւնք: Յիսուս Քրիստոս մեզի համար վախճանած սուրբի մը պատկերը չէ, նահատակ հերոսի մը յուշակոթողը չէ և ոչ ալ հանճարեղ գիտնականի մը հոյակերտ արձանը, այլ՚ Ան, Աստուածոյ մարմնացած ու մարդացած Որդին է: Յիսուս Իր Ս. Խաչելութեամբ ոՙչ թէ Իր Անձը կը յանձնէ կամ կը մատնէ մահուան, այլ՚ Իր պատգամած ու յայտնած Աստուծոյ սէրն ու ճշմարտութիւնը վկայելու պայքարամարտին մէջ կ՛սպաննուի: Այս արարքը ցոյց կու տայ Իր հաւատարմութիւնը աստուածային առա- քելութեան:
Յիսուս բացայայտօրէն կ՛ըսէ Յովհաննու Ժ.17-19 համարներուն մէջ՞
«Իմ Հայրս զիս կը սիրէ անոր համար որ ես իմ կեանքս կու տամ, որպէսզի կրկրին առնեմ զայն: Ոչ ոք ինձմէ կը խլէ զայն, այլ ես ինքս կու տամ զայն. իշխանութիւն ունիմ զայն տալու և իշխանութիւն ունիմ վերստին զայն առնելու. այս պատուէրը իմ Հօրմէս ստացայ»:
Մեր հայեացքը երբ կեդրոնացնենք Քրիստոսի վրայ, հոն չենք հանդիպիր "մեղմ ու փափկասուն Յիսուսի" մը, այլ հզոր Անձնաւորութեան, որ կը ցնցէՙ ու կը թոթուէ մեզ որպէսզի մեր էութենէն արտաքսէ սխալ կարծիքները մեր չաստուածներուն՚ (իմ նպատակներոՙւս աստուածը, իմ ըմբռնումիՙս աստուածը, իմ փորձառութեաՙնս աստուածը, իմ հանգիստիՙս աստուածը, իմ յաջողութեաՙնս աստուածը, և իՙմ ազգիս աստուածը): Մենք կրնանք հրապուրուիՙլ Իրմով կամ մերժեՙլ աՙյս Յիսուսը, հետեւիՙլ Իրեն, կամ ձեռք քաշել ու հեռանալ Անկէ:
Այս մասին խորապէս և բացայայտօրէն Յովհաննէս առաքեալ իր խոր ծերութեան մէջ կը գրէ ու կը կտակէ յաւերժութեան իր ճանչցած Յիսուսի Աւետարանը նոյնիսկ 20րդ դարու մարդկութեան ու կ՛ըսէ. «Ան (Յիսուս) սկիզբէն Աստուծոյ քով էր: Ամէն բան Անով եղաւ, և առանց Անոր չեղաւ բան մը, որ եղած ըլլայ: Կեանքը Անով էր: Եւ կեանքը լոյս էր մարդոց: Եւ Լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ, և խաւարը չճանչցաւ Զայն»--Յով. Ա.2-5: Բոլոր աշխարհ կը հաւատար գերբնական աստուծոյ մը, թէՙ Հրեաները և թէՙ հեթանոսները իրենց գիտցած ձեւերով և աստուածներով, սակայն իրենց գիտցածը այլասերած աստուած մըն էր ազգայնացաՙծ ու սեփականացաՙծ աստուած մը:
«Մարդ մը կար՚ Աստուծմէ ղրկուած. Անոր անունը Յովհաննէս էր: Ասիկա եկաւ որպէս վկայ, վկայութիւն տալու Լոյսին համար, որպէսզի ամէնքը անոր միջոցով հաւատան: Ինք Լոյսը չէր, այլ եկած էր, որպէսզի վկայէ Լոյսին համար»--Յով. Ա.6-8:
Հին Կտակարանի մարգարէներուն համար որեւէ նախակարապետ վկայ մը չէր եկած: Յիսուսի գալուստը վկայելու համար մարգարէացուած էր Հրեայ մարգարէներու կողմէ, և թէ Հռոմայեցի Վիրկիլիոս Բանաստեղծին կողմէ (The Eclogues, Georgics and Aeneid of Virgil--page 18-20:
Յովհաննէս առաքեալ կը շարունակէ իր վկայութիւնը ու կ՛ըսէ.
«Ան Էր ճշմարիտ Լոյսը, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ աշխարհ պիտի գայ: Ան աշխարհի մէջ էր, և աշխարհը Անով եղաւ, սակայն աշխարհը չճանչցաւ Զայն: Իրեններուն եկաւ, բայց իրենները չընդունեցին զԱյն: Իսկ անոնք որ ընդունեցին զԱյն՚ իշխանութիւն տուաւ անոնց ըլլալու Աստուծոյ որդիները, անոնց՚ որոնք կը հաւատան Իր Անունին: Անոնք ոՙչ արիւնէ, ոՙչ մարմնի կամքէ և ոՙչ ալ մարդու կամքէն, այլ Աստուծմէ ծնան»--Յով. Ա.9-13:
Յիսուս աշխարհի մէջ էր Իր մարդեղացումէն առաջ: Իր մարդեղցումէն յետոյ ալ մարդոց մէջն է, այնպէս ինչպէս Էմմաուսի ճամբորդները, սակայն Զինք օտարականի տեղ դրած ենք:
Յիսուս եկաւ իրեններուն, բայց իրեններն ալ (Իր ազգակիցներն ալ՚ իրենք զիրենք առանձնաշնորհեալ կարծողներն ալ չընդունեցին Զայն: Ի՜նչ ափսոսանք, այն ազգը որ դարերով սպասած էր Անոր յայտնութիւնը տեսնելու համար Երկնային Օծեալը, անոնք եւս թէՙ չճանչցան և թէՙ չընդունեցին Զինք:
Ինչո՞ւ համար թէՙ աշխարհ (հեթանոսներ) և թէ իրենները (Հրեաները) չընդունեցին աստուածառաք Ճշմարտութիւնը որ եկած էր շնորհելու յաւիտենական կեանք ու յայտնաբանելու Աստուած Ճշմարտը:
Մարդիկ դարձած էին այնքաՙն ինքնահաւան և անձնամոլ, որ չուզեցին խոնարհիլ բացարձակ Ճշմարտութեան առջեւ, ու ջանացին ինքնախաբէութեամբ իրենք զիրենք աստուած կարծել: Մարդկային ինքնախաբէութիւնն ու գոռոզութիւնը այնքա՜ն մեծ է, որ Յիսուս ընդունուեցաւ հզօր ու բանգէտներու կողմէ երբ միայն 12 տարեկան երախայ մըն էր: Աՙյսօր ալ երբ մարդիկ կ՛աղօթեն Աստուծոյ, անոնք կաղօթեն սուրբ Մարիամ մօր գիրկը նստած մանկան մը, ու ոչ հզօր ու յարուցեալ յաղթակաՙն Յիսուս Քրիստոսի:
Մարդեղացեալ Յիսուս Քրիստոս, Որդին Աստուծոյ երբ սկսաւ Իր առաքելութեան ու ներկայացաւ մարդաշխարհին որպէս Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն և Կեանք, Ան չերեւցաւ ոչ որպէս մանուկ մը կամ պատանի մը, այլ՚ չափահասութեան հասած, շուկայի մէջ թրծուած, մարդոցմէ ճանչցուած և մարդկային փորձութիւններն ու դառնութիւնները ճաշակած աշխարհական մը: Ան Իր Մարդեղութեան փորձառութեամբ լրիՙւ և անթերի կերպով ճանչցաւ մարդկային տկարութիւնները, ապիկարութիւնները և հանդիսացաւ մարդոց Բարէխօսը առ Աստուած:
Յիսուսի ախարհ գալէն յետոյ, Հրեաները Աստուծոյ առանձնաշնորհեալ ազգը ըլլալէ դադրեցան, որովհետեւ անոնք ոՙչ թէ միայն ուրացան իրենց Մեսիան, այլ նոյնիսկ մահուան դատապարտեցին իրենց ղրկուած Ազատարարը: Յիսուսի Մարդեղացումէն յետոյ, յաւիտենական կեանքի դուռը բացուեցաւ համաՙյն աշխարհի (Հարսանեկան խրախճանքը Մատթ. ԻԲ.1-14): Ուր Յիսուս Ինք կը բացատրէ առակը և կ՛ըսէ.
«Արդ, գացէՙք ճամբաներուն գլուխը և
ով որ գտնէք՚ կանչեցէՙք հարսանիքի»:
Առաջինները պիտի ըլլան յետինները և յետինները առաջին: Հայերը առաջին ազգն էին որ ազգովին դարձան Քրիստոսի հաւատքին: Ո՞ւր կը գտնուի այսօր Հայ ազգը: Ընթերցողները թող վկայեն:
«Եւ Բանը մարմին եղաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ, և մենք տեսանք Անոր փառքը, որպէս շնորհով և ճշմարտութեամբ լի Միածնի փառք՚ ստացուած Հօրմէն»--Յով. Ա.14:
Առաքեալները, որոնք Համաշխարհի քարոզիչները դարձան, չտեսան Յիսուսը որպէս ծծկեր մանուկ մը նստած մօր մը գիրկը, այլ անոնք տեսան Յարուցեաՙլ և Յաղթակաՙն Յիսուսը: Յիսուս Քրիստսոս ներկայացաւ աշխարհի որպէս հզօր գերմարդկային Անձնաւորութիւն մը, որուն հրեղէն խօսքերուն և իմաստութեան, մարդկային իմաստասէրներ չկրցին դէմ կենալ: Կրօնաւոր աստուածաբան կարծուած ռաբբիներ պապանցեցան, և քահանայապետներ նախանձեցան այս աշխարհական աստուածաբարբառ Քարոզիչին, ու միակ միջոցը որ գտան, սպաննել էր Զայն ու քողարկել կենդանի Ճշմարտութիւնը առանց գիտնալու, որ Անոր իւրաքանչիւր աշակերտը պիտի դառնար Յիսուսանման խիզախ քարոզիչ մը:
Եթէ մէկը կ՛ուզէ տեսնել Մարդեղեալ Յիսուսը փառաւորուած Հօր Աստուծմէ, պարտաւոր է ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը և բնակեցնել Զայն ոչ թէ փայտէ կամ մետաղէ շրջանակի մը մէջ միայն, այլ իր Հոգւոյն ու սրտին մէջ, իր մտածումներուն և սիրոյՙ ապրումին մէջ: Այսինքն այնքա՜ն սիրել ու հաւատալ Անոր, որ պարտաւոր դառնայ ինքզինք նոյնացնել Անոր չարչարանքներուն և անարգանքներուն հետ այս աշխարհի մէջ: "Նոյնացնել" բառը Յիսուսի հետեւիլ կը նշանակէ, մինչեւ Գողգոթա:
Յովհաննէս առաքեալ կը շարունակէ ու կ՛ըսէ. «Մենք ամէնքս Անոր լիութենէն ստացանք շնորհ՚ շնորհի փոխարէն (այսինքն մենք բոլորս ալ օրհնուեցանք Անոր գերազանց շնորհով): Որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցով, իսկ շնորհն ու ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցով եղան»--Յով. Ա.16-17: Վերոյիշեալ բախտատութիւնը որ առաքեալը կ՛ընէ Մովսէսի և Յիսուսի միջեւ, կը նշանակէ, «Մովսէսի Օրէնքը, առանց ողորմութեան խստապահանչ արդարութիւն մըն էր, իսկ Յիսուսի մարդկութեան ընծայածը, Աստուծոյ սիրոյ ներոՙւմն է:
«Ոչ ոք երբեք տեսած է զԱստուած, բացի միայն
Միածին Որդիէն որ Հօրը ծոցին մէջ է, Աՙն յայտնեց»--Յով. Ա.18:
Յովհաննէս առաքեալ, վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կ՛ընէ թէՙ Հրեաներուն, թէՙ Յոյներուն և թէՙ յունախօս Հրեաներուն: Ան կ՛ըսէ իր ցեղակիցներուն թէ, Հին Կտակարանի մարգարէներէն ոՙչ մէկը տեսած էր զԱստուած: Ի՞նչպէս կարելի է, որ անձ մը չտեսած և չճանչցած մէկուն մասին կարենայ ճիշտ և իրաւ վկայութիւն տալ: Ոչ թէ մարգարէները սխալ տեղեկութիւն տուած են Աստուծոյ մասին, այլ իրեՙնք չեն տեսած ու չեն ճանչցած Աստուած և իրենց նկարագրած աստուածը չէ, Աՙյն որ Յիսուս եկաւ բացատրելու և յայտնելու մարդկութեան:
Ուստի, Աստուծոյ ամբողջական իրականութիւնը և ճշմարտութիւնը ոչ թէ Մովսէս կամ Եղիայ յայտնած են մարդկութեան, այլ՚ Յիսուս, Միածին Որդին, որ Հօր Աստուծոյ ծոցին մէջ է, Ան յայտնեց մեզի:
Հետեւաբար եթէ ես ունիմ կարելիութիւնը ճանչնալու զԱստուած Յիսուսիՙ միջոցաւ, ի՞նչ կարիքը ունիմ սորվելու զԱստուած Մովսէսէ կամ ուրիշ մարգարէներէն, որովհետեւ կրնամ շփոթիլ և սխալ ճանչնալ Աստուած Ճշմարիտը ու կորսնցնել յաւիտենական կեանքը:
Յունիս 19, 2001
Հալիպըրթըն, Օնթէրիօ
«ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵԿԱԾ Է
ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԲԱՐՈՒԹԵԱՄԲ»
-- Ղուկ. Է.16
Մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութիւնը, մարգարէներ քարոզած ու յորդորած էին վախոՙւ, օրէնքին և պատուէրներուն Աստուածը: Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ այցելութեամբ, անտեսանելի և անշօշափելի Աստուած, որ հեռու կը կարծուէր ըլլալ մարդոցմէ, հանդիսացաւ ու ճանչցուեցաւ մարդոց Իր գթութեամբ, սիրով և բարերարութեամբ:
Համաՙյն աշխարհի մարդիկ, ապրած և աշխատած էին, ազատ կամ բռնի այն յոյսով և ակնկալութեամբ, թէ օր մը պիտի հասնի երբ մարդկութիւնը պիտի տեսնէ և ապրի դրախտային կեանք մը: Սոյն յուսադրիչ տեսիլք արքայութեան երանութեան համար, Յովհաննէս Մկրտիչ կը ղրկէ իր աշակերտներէն մի քանի անձերը Յիսուսի և կը հարցնէ հետեւեալը.
«Դո՞ւն ես որ պիտի գայիր, թէ ուրիշին սպասենք»
Ղուկ. Է.20:
Մարդեղեալ Յիսուսի պատասխանը կ՛ըլլայ դրական բայց ոչ ինքնապանծացում: Յիսուս կը պատասխանէ Յովհաննէս Մկրտիչի պատգամաւորներուն ըսելով. «Գացէՙք պատմեցէք Յովհաննէսին, ինչ որ դո ւք տեսաՙք և լսեցիՙք. թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՛առնեն և Աւետարանը աղքատներուն կը քարոզուի: Երանի՜ անոր որ Իմ պատճառովս իր հաւատքը չի կորսնցներ»:
Ի՞նչ է բարին: Բարոյականութեան մէջ գեղեցիկն ու բարին իրար կը հանդիպին ու կը միանան: Յոյները պարկեշտ մարդը գեղեցիկ և բարի կը կոչէին: Կեանքն ու պատմութիւնը պայքարն է գեղեցկութեան, յաւիտենական Բարիի և Ճշմարտութեան համար: "Բարութիւնը" Աստուծոյ հիմնական ու եզական յատկանիշն է: Բարի խորհուրդին ակնաղբիւրը Աստուած է՚ «Մի է Բարին որ է Աստուած», բարութեան Կատարելութիւնը: Երբ մարդոց "բարի" կ՛ըսենք, յարաբերական բարին կը հասկնանք: «Չար մտածումը երբ կատարում չ՛գտներ, չարիք չէ. նոյնպէս բարի մտածումն ալ երբ չ՛իրագործուիր, բարիք չէ»: Ս. Ներսէս Շնորհալին Հանճար ու գիտութիւն չի խնդրեր, այլ բարի կեանք մը ապրելու իմաստութիւնը կը հայցէ Աստուծմէ:
Յիսուսի Երկրորդ Գալուստի շրջանին ու Բարիի ու չարին պայքարամարտի ընթացքին, բոլոր նախատարրերային (primordial) աւերածութիւնները՚ երկրաշարժ ու ցամաքափոփոխութիւնները պիտի կրկնուին, որպէսզի "Նոր Երկիր"ը վերադառնայ իր մաքոՙւր նախավիճակին: Հին Կտակարանին մէջ երբ Հրեաներ ազգայնացուցին և սեփականացուցին զԱստուած, իրենք զիրենք առանձնաշնորհեալ ցեղ մը կարծեցին: Մինչդեռ Յիսուս Իր աշխարհ գալով յայտնեց թէ, Աստուծոյ Հայրութիւնը համաՙյն մարդկութեան էր և թէ համայն աշխարհի: Յիսուս ամենայն քաջութեամբ վկայեց Հրեաներուն, հեթանոս հարիւրապետի մը հաւատքը ըսելով անոնց.
«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, որ Իսրայէլի մէջ
իսկ այսչափ հաւատք չգտայ»:
Մատթ. Ը.10
Յիսուսոՙվ է, որ կը տեսնենք Աստուծոյ համայնապատում ՍԷՐՆ ՈՒ ԳԹՈՒԹՒՒՆԸ հանդէպ համաՙյն մարդկութեան: Յովհաննու Աւետարանին մէջ, Աստուած սապէս կարտայայտուի մեր աշխարհի մարդկութեան համար. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ Անոր՚ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը»: Յիսուսոՙվ առանձնաշնորհեալ ազգ չմնաց աշխարհի վրայ, որովհետեւ Ան Իրեն հրաւիրեց համայն մարդկութիւնը, ըսելով.
«Եկէՙք Ինծի, բոլոր յոգնածներ և բեռնաւորուածներ, եւ Ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ: Իմ լուծս ձեր վրայ առէք և սորվեցէք Ինձմէ, որ հեզ եմ և սրտով խոնարհ. և ձեր անձերուն հանգիստ պիտի գտնէք, որովհետեւ Իմ լուծս քաղցր է և Իմ բեռս՚ թեթեւ»--Մատթ. ԺԱ.26-30:
Եթէ ամենակալ Հայր Աստուած, Արարիՙչն է կանոնական և բարի աշխարհի, ինչո՞ւ գոյութիւն ունի չարը: Այս խորհրդաւոր հարցումին, անմիջական և ամբողջական պատասխան մը չկայ: Արարչագործութիւնը մինչեւ որ հասնի իր լրումին, չարը գործօն պիտի ըլլայ աշխարհի մէջ: Որոմներու Առակով, Յիսուս բացատրեց, թէ արարչագործութիւնը պիտի հասնի իր լրումին ու ժամանակը պիտի գայ երբ չարը պիտի պարտուի ու այնուհետեւ պիտի սկսի Աստուծոյ արքայութիւնը Անոր անբաւ բարիքներով այս աշխարհի վրան--Մատթ. ԺԳ.24-30: Նիւթական բարիքներու զուգահեռ, այժմ կայ նաեւ նիւթական չարիքներ: Հրեշտակներն ու մարդկային արարածներ իրենց ազատ կամքին պատճառով կը ձգտին կամ չարին և կամ բարիին. նախընտրելին սէրն է: Ոմանք կ՛ուղուին դէպի կեանք ու ոմանք ալ կորուստ:
Աստուած որեւէ կերպով պատասխանատուն չէ և չ՛արտօներ բարոյական անկումը, մարդ իր ազատ կամքով կ՛ընտրէ բարին կամ չարը: Աՙն, որ կ՛ուզէ նկարագրել (քարոզել) Բարին, պէտք է Զայն կրած ըլլայ իր հոգիին մէջ: Եւրոպայի կրօնական Հաւատաքննութիւնը որ սկսաւ որպէս հալածանք հերետիկոսներու դէմ 1184-ին, դարձաւ արիւնալի ու անողոք սպանդ ու վերջ գտաւ 1820-ին:
Հերետիկոսները դատելու և պատժելու պաշտօն ունեցող կրօնական ժողովը, աններող և անգութ ժողով մըն էր Հաւատաքննութեան: Ոչինչ բան մը բաւական էր, մէկու մը աղանդաւորութեան մէջ մեղադրելու և այրելու համար: Ղազար Փարպեցիի հակառակորդները զայն հանեցին իր պաշտօնէն մերկ և թշնամանօք, զրկելով զինք իր ամէն ունեցածէն՚ զոր մանկութնէն ի վեր ստացած էր, ու մինչեւ անգամ իր Յունարէն գիրքերը չտուին իրեն, թէեւ իրենք ալ անկարող էին օգուտ քաղել անոնցմէ, և այն թանկագին ձեռագիրները կը մնային անկիւն մը նետուած՚ կեր ըլլալու ցեցերուն: Սոյն պատճառով, Յիսուս պատուիրեց աշակերտներուն, ըսելով. «Ձգեցէՙք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքը»--Մատթ. ԺԳ.30: Բայց Հաւատաքննական ժողովականները սպաննեցին չարին կողքին՚ նաեւ բարին, անխիղճ վաշխառուին զուգահեռ՚ նաեւ ազնիւն ու անմեղը: Բարին, ազնիւն ու պատուականը կարելի է խրատել, բայց երբեք բռնութեամբ, հարկադրութեամբ կամ ճնշումով կիրարկուելու է: ճնշումով և պարտադրութեամբ ստեղծուած բարիք մը կը դառնայ անհանդուրժելի և բիրտ իշխանութիւն յար և նման Հաւատաքննութեան:
Քրիստոս կը պատուիրէ, չարին յաղթել բարիով, մեր ապրումով, արարքներով, մտածումներով, հաւատքով և կամքով: Բարիքին մէջ քանակը և նիւթը մեծ արժէք չունին, սիրտը և ոգին է էականը: «Ուրեմն թոյլատրելի է շաբաթ օրը բարիք գործել»-Մատթ. ԺԲ.13: Ոչ մէկ բարիք կրնայ ստացուիլ, առանց աշխատանքի և արդար քրտինքի: Բարիք ընդունիլ՚ բոլորին տրուած է, իսկ բարիք կատարեՙլ՚ քիչերու: «Բարիքի դէմ բարիք՚ ամէն մարդու գործն է. չարիքի դէմ բարիք՚ ազնիւ մարդու գործ»:
«Մարդեղութիւնը կը ճառագայթէՙ մեր կեանքին մէջ, կը մարմնաւորուի մեր գործերով, կը զարդարուի առաքինութեան գոյնով, կը դրոշմուի բարութեան բնութագիծով և կը պտղաբերուի երջանկութեան բարիքներով»--Գարեգին Ա. Կաթողիկոս: Քրիստոս Իր ամենախոնարհ ծագումով, Իր օրինակելի բարութեամբ, Իր օրինակելի համեստութեամբ, Իր օրինակելի զոհաբերութեամբ, և մանաւանդ՚ Իր օրինակելի աղքատութեամբ, ճշմարտապէս քարոզեց և վկայեց Աստուած Ճշմարիտը: Սրտի մը սրբութիւնը կը ցոլայ միայն ապրուած կեանքի մը բարութեանն ու հեզութեանը մէջ:
«Կրօնք» բառը կը նշանակէ "սրտին հառաչն առ վարագուրեալն Աստուած": Կրօնը տեսիլն է Աստուծոյ բարութեանը, Անոր նկարագրին քաղցրութիւնը, որ ցոլացումն է մարդու հոգւոյն պայծառութեան և բարութեան: Կեանքին միակ իմաստութիւնը՚ բարութիւն և սէր է: Յիսուս Քրիստոս Ինքն է շօշափելի Մարմնացումը, երկնային վսեմութիւնը, անկոխելի սրբութիւնը, միակ ճշմարտութիւնը, անմրցելի բարութիւնը, անմատչելի բարձրութիւնը, կեանքի մեծ Լոյսին և աստուածային բարութեան:
Քրիստոնէութիւնը դրական ու գործնական բարութիւն մըն է: Նախ՚ իր այոն այո է, ոչը՚ ոչ: Շիտակին շիտակ կ՛ըսէ, սխալին՚ սխալ, թէ իսկ անհաճոյ ըլլայ այդ՚ մարդոց: տեղին համաձայն, կրնայ ցնցել իր ցուցամատը անիրաւին, անարդարին և կեղծաւորին դէմ: Վերջապէս քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ցոյց տալ խօսքով ու գործով յիմարութիւնը կռապաշտութեան, որուն մէջ թաղուած է ամբողջ 20-րդ հեթանոս դարու աշխարհը:
Յունիս 20, 2001
Թորոնթօ
«Ո՞Վ Է ԱՐԴԵՕՔ ԱՍԻԿԱ»
Ղուկ. Ը.22-25
«Ո՞վ է արդեօք Յիսուս»: «Դուք իմ մասիս ի՞նչ կ՛ըսէք»:
1. «Եթէ Աստուծոյ Որդի ես՚ իջիՙր այդ խաչէն»:
2. «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել»:
3. «Եթէ յոյսը դրած էր Աստուծոյ վրայ՚ թող Ան հիմա փրկէ զայն, եթէ կ՛ուզէ զինքը»:
4. Իսկ հարիւրապետը և անոնք որ Անոր հետ Յիսուսի պահ- պանութիւն կ՛ընէին, երբ տեսան երկրաշարժը և պատահածները՚ սաստիկ վախցան ու ըսին. «Արդարեւ Աստուծոյ Որդի է սա»:
Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս Հայ ազգին համար: «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով Նոր խորք ստացաւ Հայ կեանքը, նոր դիմագիծ Հայ ժողովուրդը ու նոր արիացում Հայոց պատմութիւնը»: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ըսած է. «Քրիստոսի ճանապարհը՚ աստուածացմաՙն ճանապարհն է»: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տանջանքներու ենթարկուած ժամանակ իսկ, կ՛աղօթէր Աստուծոյ, ըսելով. «Գոհանամ քեզմէ, Տէր, որ ինձ՚ անարժանս, արժանի դարձուցիր Քու պարգեւիդ, որովհետեւ սկիզբէն իսկ սիրեցիր քու ձեռքիդ ստեղծածները...»: Գրիգոր Պարթեւ պարզ աշխարհական մըն էր, և իրեն հետ ոՙչ քարոզիչ ընկեր ունէր, և ոՙչ գործակից եկեղեցականներու խումբ մը, այսուհանդերձ 301 տարին չվերջացած, Հայաստանի կրօնական կերպարանքը հիմնապէս փոփոխուած էր:
Վարդանաքը դարձաւ պարծանքն ու յաւիտենականացումը Հայ ժողովուրդին: Վարդանանցը միայն դէպք մը չէՙ, այլ նաեւ պատգաՙմ մը: Ղեւոնդ Երեց ըսաւ Վարդանանց գացող զինուորներուն.
«Ամէն մէկդ եկեղեցի մըն էք,
երբ կ՛ապրիք այդ հաւատքը»:
«Ո՞վ է արդեօք Ասիկայ» Նոր Սերունդին համար: Նոր սերունդը պիտի չմոռնայ օրօրոցէն սորված Հայերէնը, եթէ մայրերը չթերանան շարունակել իրենց սկսած գործը՚ զօրաւոր կամք և համբերատար ոգի ցուցնելով: Ինչո՞ւ նոր սերունդը զանգուածօրէն հեռու կը մնայ եկեղեցիէն: Մեր հաստատութիւնները կը ղեկավարուին փառամոլ մեծամիտներու կողմէ: Ներկայ սերունդը «մեղք» բառին վրայ կը ծիծաղի, որովհետեւ զայն սահմանող մեծ խորհուրդը վերցած է: Կարգ մը հոգեբաններ կը ջանան իրեՙնց մարդկայնապաշտ նոր առաքինութիւնները պարտադրել նոր սերունդին, ինչպէս միասեռականութիւն, նախաամուսնական կամ արտաամուսնական սեռայնութիւն:
«Այն ինչ, որ կը հրամցուի որպէս արդիական երաժշտութիւն, կամ կենցաղային վարմունքի այսպէս կոչեցեալ արդիական ու "ազատագրեալ" ընթացք, ունի երիտասարդութիւնը գերող ազդեցութիւն, որ միաժամանակ սպառողական հասարակութեան լարած ծուղակներէն մին է»--Գարեգին Ա. Կաթողիկոս:
Ի՞նչ կ՛ըսէ առաքեալը Նոր սերունդին. «Վերարծարծէՙ Աստոծոյ շնորհը որ կայ քու մէջդ»--Բ. Տիմոթէոս երիտասարդին. Ա.5: Հոգեկաՙն յափշտակութիւնը կ՛անհետացնէ ենթական զգացողական աշխարհի զգաստութենէն: Շաղուելու ենք մենք զմեզ նոր սերունդին մէջ, շօշափելու ենք ու շփուելոՙւ անոր հետ: 13րդ դարէն վերադառնալու ենք 20րդ դարը: Խօսելու ենք մեՙր ժամանակակիցներուն՚ անոՙնց զգացմունքներուն և անոնց զգացաՙծ ու հասկցաՙծ լեզուով: Անոնց մէՙջ և անոնց հեՙտ ապրելու ենք եթէ կ՛ուզենք հասնիլ անոնց ականջին ու լսելի ըլլալ անոնց սրտին:
Սփիւռքահայ եկեղեցին, ազգային ըլլալէՙ աւելի, դառնալու է Յիսուսիՙ Եկեղեցին: Հայց. Եկեղեցին Առաքելական ըլլալէՙ աւելի, դառնալու է աւետարանչակաՙն: "Առաքելական" բառը ինքնին աւետարանչակաՙն կը նշանակէ: Անոնց համար Հայ լեզուն անխօսելի է, եկեղեցին՚ անհասկնալի, գրականութիւնը՚ անընթեռնելի, պատմութիւնը՚ տաղտկալի:
Կը թուի, թէ մեր տուած դաստիարակութիւնը վրիպեցաւ իր նպատակէն, թերեւս ալ տալ ուզեցինք բան մը, զոր մեՙնք չունէինք և կամ տալու ձեւը չգիտցանք:
1. Նոր երիտասարդները ներգրաւելու մէջ ցաւալիօրէն ձախողած ենք ու նաեւ լռութեան մատնած ենք մեր այս ձախողութիւնը:
2. Չպարծենանք, թէ այսքան ակումբներ, կեդրոններ, եկեղեցիներ հիմնեցինք, այս կառոյցները մեզ աւելի բաժնեցին, քան թէ միացուցին: Որովհետեւ չկարողացանք այդ կառոյցներուն մէջ դնել այն ոգին, ազգային միասնութեան ոգին, որ պիտի հրապուրէր երիտասարդութիւնը ազնիւ, մաքուր ու հասանելի տեսիլքով մը:
3. Էականն ու համայնականը զոհեցինք, մեր փոքրատեսիլ «ես»երուն փառամոլութեանը:
Աստուածաշունչը Նոր սերունդին հետ, նոր լեզուով պէտք է խօսի, Իր յաւիտենական պատգամը արդի մարդուն մտքին ու սրտին հասցնելու համար: Զայն կարելի է կոչել իմաստային թարգմանութիւն:
1. «Այն ինչ, որ կը կոչուի Արեւմտեան Մշակոյթ (թերեւս աւելի լաւ պիտի ըլլար կոչել կեղծ մշակոյթ, յոյժ աւերիչ ազդեցութիւն ունի նոր սերունդին վրայ, գլխաւորաբար այն պատճառով որ ամբողջ շեշտը կը դնէ լոկ հեշտանքի, զգայարանքներու ցանկութեանց յագեցման վրայ, որ կը սպառնայ հոգեկան ու իմացական գեղեցկութիւններէ դատարկացնելու անհատին կեանքը»:
2. Յիսուսի Ձայնը խօսի նոր սերունդին մէջ, արեան ձայնը խօսի իրենց մէջ, պատմութեան և Աւետարանիՙն ձայնը խօսի իրենց մէջ:
Եկեղեցի եկող բազմաթիւ ծնողքներ, այսօր, առանց իրենց զաւակներովը կու գան եկեղեցի: Ինչո՞ւ ասոնց զաւակները չեն գար եկեղեցի, կամ փոխանակ եկեղեցի գալու, ո՞ւր կ՛երթան: Ինչո՞ւ չենք կրցած զանոնք հրապուրել որ եկեղեցի գան: Գլխաւոր պատճառը մենք Աւետարանին պատգամին իմաստը չենք հասկցած և չենք կրցած դաստիարակել մեր զաւակները Քրիստոսի հաւատքին մէջ: Մենք սորվեցուցած ենք մեր հարազատներուն շատ բան, սակայն չենք սորվեցուցած մեր հաւատքը: Ինչպէս որ կերակուր եփելը գիտութիւն մըն է, նոյնպէս ալ մեր հաւատքը գիտութիւն մըն է:
Կերակուր կամ անուշեղէն մը եփելու գիրքերը կան և այդ գրութեան հետեւելով կՙեփենք: Նոյնպէս ապրելու գիրքը կայ՚ Յիսուսի Աւետարանը: Մեզմէ քանի՞ հոգի զայն կարդալոՙվ կ՛ապրի իր կեանքը: Յիսուս կ՛ըսէ.
յաւիտենական Կեանքը աՙյս է՚ որ ճանչնան
Քեզ միակ ճշմարիտ Աստուած, և ճանչնան
Յիսուս Քրիստոսը, զոր դուն ղրկեցիր:
Յով. ԺԷ.3
Աստուծոյ հաւատալէն յետոյ Զայն Ճանչնաՙլ մը կայ: "Ճանչնալ" կը նշանակէ "գիտնալ" ու գիտնալ կը նշանակէ "գիտութիւն": Ո՞վ չուզեր գիտութիւն ունենալ: Այսօր աշխարհի բոլոՙր ճարտարարուեստը գիտութեան արդիւնք է: Այս հաւատքի գիտութիւնը չունենալնուս համար, մեր զաւակները եկեղեցի չեն գար: Քրիստոնէական հաւատքի կեանքը ապրելէն զատ աւելի մեծ գիտութիւն չկայ աշխարհի վրայ: Յիսուս աշխարհ եկաւ մարդոց ապրիՙլ սուրվեցնելու համար: Պօղոս առաքեալ սապէս կը բացատրէ մարդկային կեանքը.
«Ինծի համար ապրիլը Քրիստոս է»--Փիլ. Ա.21:
Ի՞նչ կը նշանակէ "ապրիլը Քրիստոս է": Բացատրութիւն.-«Բոլոր անոնք՚ որ կ՛ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ ի Յիսուս Քրիստոս, հալածանքներու մէջ պիտի ըլլան»--Բ. Տիմ. Գ.11:
Մինչեւ 5Օ տարի առաջ հաւատքի գիտութիւնը այսքան անհրաժեշտ չէր: 2-րդ Համաշխարհային Պատերազմէն վերջ, հաւատքի և քրիստոնէական գիտութիւնը անհրաժեշտութիւն դարձաւ: Առանց մեր ծնողաց հրամանին կերթայինք եկեղեցի: Իսկ այսօր եթէ մեր ծնողները ստիպեՙն իսկ, չենք ուզեր երթալ Եկեղեցի:
Ինչո՞ւ:
Յունիս 22, 2001
Թորոնթօ
ԲԱՆԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Աշխարհի մէջ շատ մը զանազան զօրութիւններ կան: Օրինակ. արեւի զօրութիւնը, ջուրի ուժը, դեղի կամ թոյնի ազդեցութիւնը, նիւթին և հոգիին ներգործութիւնները: Վերոյիշեալ զօրութիւնները կը յայտնաբերուին իրենց իւրայատուկ պայմանադրութեամբ միայն:
Դեղն ու թոյնը իրենց ուժ ազդեցութիւնը կը գործեն, երբ ներքնապէս, ստամոքսի միջոցաւ մարմնի բջիջներուն կը հասնին: Ջուրը և արեւը իրենց ելեկտրական զօրութիւնը կ՛արտադրեն երբ ջուրը ջրանիւի (turbine) մէջէն կանցնի, և արեւի ճառագայթները լուսաելեկտրական բջիջները (photovoltaic cells) կը գրգռեն:
Հերքուլէսը մարդկային ուժի մարմնացումն էր: Հին Հռոմայէցիները ֆիզիքակաՙն ուժի երկրպագուներն էին: Ուժի մը դիմաց, կամ ներկայութեան, աշխարհ կը վախնայ և կը խոնարհի:
Աչքեր կան, որոնց կ՛ակնարկենք "մեռած ձուկի աչքեր", սակայն կան նաեւ աչքեր, որոնց մագնիսական զօրութիւնը Հերքուլէսը և Սամփսոնը կը յաղթահարեն:
Բառին զօրութիւնը՚ ի՞նչպէս կը յայտնաբերուի:
Գիտնանք նախ, թէ ի՞նչ է "բառ"ը: "Բառ"ը խօսքի մը բաղկացուցիչ մասն է: Բառ մը "բառ" ըլլալու համար նշանակութիւն ունենալու է: Երբեմն բանախօսութեան մը ներկայ կ՛ըլլանք ու վերջաւորութեան երբ մեզի հարց տրուի թէ ի՞նչ ըսաւ օրուան բանախօսը, մեզմէ ոմանք կը պատասխանեն, "բառե՜ր և բառե՜ր: Որ ըսել է, առանց իմաստի և նշանակութեան, միայն բառեր:
Ըստ Հր. Աճառեանի, "բառ, բան և խօսք" փոխանակելի բառեր են և նոյն փոխաբերութեամբ գործածուած Հայ դպրութեան մէջ: Նոյն իմաստով և նշանակութեամբ սոյն բառերը գործածուած են նաեւ տարբեր լեզուներու մէջ ինչպէս Յուն. (Logos) և Անգ. (Word) "խօսք", "Բան" բառերը որ գործածուած են որպէս "խօսքի նիւթ, առարկայ կամ ըսելիք խօսք" կամ "խօսակցութիւն":
Ի՞նչպէս կարելի է բառերը վերածել "խօսքի" և բռնկցնել զանոնք նման վառօդի որ դառնան ուժանակային զօրութիւն: Սոյն երեք փոխանակելի բառերուն յայտնաբերիչ օգտագործութիւնը կախում ունի, այՙդ բառերուն մեր ներթափանցումի կարողութենէն:
Չինացիներ՚ հնարած էին վառօդը: Սակայն չի ճանչցան անոր զօրութիւնը, կը գործածէին զայն միայն որպէս հրախաղութիւն: Չինացիք նոյնպէս յղացած էին կողմնացոյցը, սակայն երկրախուզութեան կամ հետազօտութեան չ՛գործածեցին իրենց ժառանգութիւնը ինչպէս Գոլոմպոս ըրաւ: Չինացիք՚ նաեւ ստեղծած էին թուղթն ու տպագրական եղանակը, սակայն երբեք տպագրութիւնն ու հրատարակչական զօրութիւնը չնախատեսեցին:
Ի՞նչու՚
Որովհետեւ, սոյն երեք, աշխարհը սարսող "բան"-երուն խորքը չէին թափանցած: Իրենց ունեցած թանկարժէք մտայղացումները իրենց հոգւոյն խորքըՙ չէին ներազդած: Հետեւաբար, երբ ոգեկան ներհայեցողութեամբ ճանչնաՙնք Հայ Լեզուի հիասքաՙնչ բառերը և ընտելանաՙնք անոնց նշանակութեան և իմաստին, այնուհետեւ այդ բառերը նիւթ և գիր ըլլալէ պիտի դադրին, ու պիտի դառնան ոգիՙ և շոՙւնչ: Բառերն ու խօսքերը, որոնք աստուածատուր շնորհ մըն են մարդկային ցեղին, կր զատորոշեն մարդը անասունէն, ուստի՚ գործածենք բառերը խորհրդազգած յարգանքով և մեծարանքով:
Հայերէն լեզուի հարուստ գանձարանը ունի բառի և խօսքի երկու զանազան բառեր որոնք տարբեր առաւելութիւններ ունեցող երկւորեակ բառեր են: Անգլերէնի մէջ՚ նոյն բառերուն համար կայ միայն մէկ բառ մը՚ որ է (word) :
Երբ մտածում մը գրաւոր կ՛արտայայտես՚ արտայայտած կ՛ըլլաս միտքդ բառերով: Իսկ երբ խորհուրդներդ բերանացի կարտայայտես՚ զանոնք արտայայտած կ՛ըլլաս խօսքով:
Ի՞նչ է տարբերութիւնը բառին և խօսքին: Հայերս չենք ըսեր "պատուոյ գիր", այլ կ՛ըսենք "պատւոյ խօսք": Երբ անձ մը խոստում մը ընէ, ըրած կ՛ըլլայ իր շունչովը: Այդ թոքերու մէջէն արտաշնչուած օդը որ խօսքի կը վերածուի, մեր ինքնութեան բջիջներու ոգիովն ու կենդանութեամբ կաղապարուած և իմաստաւորուած խօսք կը դառնայ: Մեր միտքն ու խորհրդածութիւնը բառ մը ըլլալէ կը դադրի, և կը դառնայ իմացական զօրութիւն կրելով մեր հիւլէական ինքնութիւնն ու էութիւնը: Խօսքի այս զօրույթոՙվ է որ կ՛օրհնենք մեր սիրելիներն ու կ՛անիծենք մեր թշնամիները: Դատարանի մէջ երբ անձ մը վկայութեան կ՛անչուի, նախ, բերանացի --խօսքով--երդում կ՛ընէ ընդհանուրին առջեւ թէ իր խօսքերը ճշմարիտ են: Մարդիկ՚ գրաւոր երդում չեն ըներ: Կրնան իրենց բերանացի երդումը գրաւոր ներկայացնել:
Երգագրութեան և բանաստեղծական բառերուն ամբողջական իմաստն ու զօրութիւնը կը յայտնագործուի ասմունքական և երաժշտական եղանակներով: Ոտանաւոր մը որ միայն գիր ու բառ է գիրքի մը մէջ, կրնայ միայն գրական և բանասիրական արժէք ներկայացնել: Երբ այդ նոյն ոտանաւորը արտասանուի ոգեշունչ և խանդավառող բանասէրի մը կողմէ, բոլոր ունկնդիրները ոտքի կ՛ելլեն ծափահարութեամբ ու գնահատանքով: Ի՞նչ ուժ կը ներկայացնէ Ֆրանսական քայլերգը երբ միայն թուղթի վրայ նօթագրուած է: Իսկ՚ երբ Ֆրանսական բանակը երգէ նոյն քայլերգը, համայն Ֆրանսա կը շարժի:
Չինական հրախաղի վառօդը երբ զէնքիՙ զօրութեան վերածուեցաւ, ազգաց ռազմավարութիւնը փոխուեցաւ: Քսաներորդ դարու վառօդային զէնքը երբ հիւլէական ռումբի վերածուեցաւ, փոխակերպեց մերօրեայ ռազ- մավարութեան եղանակը:
Ինչպէս բառ մը խօսքի փոխուելով ոգի և ուժ կը դառնայ, նոյնպէս ալ խօսքը երբ ապրում և կեանք դառնայ հիւլէական զօրութիւն կ՛ստանայ:
Հռոմայեցի օրինագէտ Կիկէրո, Ռուս Լեւ Թոլստոյ և Ֆրանսացի Վիկտոր Հիւկօ՚ խօսքի վարպետներ էին: Այս ճարտասան անձերու գրութիւններն ու խօսքերը յուզեցին բազմութիւններ և ժողովուրդներ, սակայն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հոգեշունչ և հոգեշարժ խօսքերը, ոչ միայն յուզեցին բազմութեան սրտերը, այլ՚ սարսեցին աշխարհի քաղաքակրթութիւնը, մարդկային իմաստասիրական ըմբռնումները, բարոյականի և նկարագրի մտածելակերպը: Մարդկային ինքնորոշումի այս ամբողջական կերպարանափոխումը, Յիսուս կոչեց "վերստին ծնանիլ", որ կը շարունակէ քսան դարերէ ի վեր ու պիտի շարունակէՙ մինչեւ Գալուստը Աստուծոյ Թագաւորութեան:
Բառը վերածուեցաւ խօսքի զօրութեան երբ մարդիկ իրենց անձնաւորութիւնը և շունչը դրին յայտնաբերելու բառին իսկական նշանակութիւնը: Յիսուս Քրիստոս՚ Իր կեանքըՙ դրաւ Իր ասմունքած խօսքերուն ետին: "Իշխանութիւն ունիմ կեանքս տալու և իշխանութիւն ունիմ վերստին զայն առնելու" Կը վկայէ Յիսուս Յուվհաննու Ժ. գլխուն և 18րդ համարին մէջ: Անձնուիրաբար և գերագոյն զոհողութեամբ՚ Յիսուս խոստացաւ կատարել Իր սիրոյ անձնատուութիւնը քեզի և ինծի համար՚ ըսելով Հօրը, "Ոչ թէ իՙմ կամքս, այլ քուՙ կամքդ թող ըլլայ" Ղուկ. ԻԲ.42:
Սիրոյ այս ծայրագոյն զոհողութեան առջեւ՚ ու՞ր կը գտնուի "Եկեղեցին Հայկականը":
"Եկեղեցին Հայկական"ի զօրոյթը, Իր Հաւատամքի գիրին և վարդապետութեան մէջ չէՙ: Ոգեշնչող աղօթքները Նարեկացիին՚ անոր տառերուՙն մէջ չեն, այլ այդ աղօթքներուն անձնատուութեաՙն հոգիին մէջն են: Ս. Շարականներու երկնասլաց և երկնառաք զօրութիւնը անոնց գիրին մէջ չէՙ, այլ՚ անոնց փրկարաՙր հոգեփոխութեան և կենսանորոՙգ շարժման մէջն է: Սիրոյ զոհաբերութեան պարտութիւնը՚ յաւիտենական յաղթութեան ակնաղբիւրը դարձած է անհամար վկաներու և մարտիրոսներու:
Քսաներորդ դարու, մարդապաշտ և հեշտամոլ քաղաքակրթութիւն ճանչցուած բարոյական արժէքները, նորածին Քրիստոնեային մկրտութիւնն ու դրոշմուած հաւատքը չեն զօրացներ այլ կ՛այլասէրեն: Հաւատացեալ ծնողք մը փոխանակ կերուխումով և պարով տօնելու այդ Մկրտութիւնը, պարտաւոր է իր հոգիով և ներշնչումներով հասկցնել ու բացատրել իր զաւկին: Յիսուս Քրիստոս և Իր Աւետարանը՚ փոխանակ գիր մը, արարողութիւն մը և աճիւն մը ըլլալու իր զաւկին, պէտք է դառնայ խօսուն շոՙւնչ և ոգի:
Հայ ազգը ծննդագործեց և դիեցուց Նարեկացիներ և Շնորհալիներ, Խորենացիներ ու Խրիմեան Հայրիկներ ոչ թէ գիրով և խօսքով միայն, այլ՚ անոնց ապրումովը, զոհողութեամբը և արիւնովը: Եկեղեցին մաքառեցաւ դարեր շարունակ, ընդդէմ խաւարի, ընդդէմ բռնութեան և բարբարոսութեան իր արիւնաքաՙմ նուիրումով:
Այՙս է բառին, բանին և խօսքին կատարը
և կենսաբաշխ զօրութիւնը:
Սեպտ. 16, 1989
Թորոնթօ